2017-10-20 08:51:00

Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ Ասթանայի վեհաժողովը` հոկտեմբերի վերջը


Մարտ 2011-էն ի վեր Սուրիոյ մէջ ծայր առած բախումներու դադրեցման նպատակով խաղաղարար ճիգերու ծիրին մէջ, 30 եւ 31 հոկտեմբերին Ասթանայի մէջ պիտի գումարուի խաղաղութեան վեհաժողովի եօթներորդ նիստը` մասնակցութեամբ Սուրիոյ տագնապի առնչակից կողմերուն:

Արդարեւ, Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց, որ Սուրիոյ տագնապին գծով վեհաժողովը պիտի գումարուի ընթացիկ հոկտեմբեր ամսուն վերջաւորութեան` մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ:

Միւս կողմէ, ըստ «Ֆորէյն Փոլիսի» հանդէսին, ամերիկեան զինուորական աղբիւրներ յայտնած են, որ խաղաղութեան հովանաւոր կարգ մը երկիրներ մտավախութիւն ցուցաբերած են բախումներու թիրախ դարձած վայրերէն ամերիկեան կանխահաս հեռացման գծով եւ առ այդ երաշխիքներ կը պահանջեն Ուաշինկթընէն` իրենց նիւթական ներդրումը կատարելու համար:

Իսկ Փենթակոնի աղբիւրներ յայտնեցին, յետՏԱՀԵՇ-եան փուլին Միացեալ Նահանգներ պիտի չհեռանան Սուրիայէն:

Նշենք, որ Սուրիոյ գծով նախորդ ժողովը տեղի ունեցած էր անցնող 14-15 սեպտեմբերին:

Իսկ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Ստեֆան Տը Միսթուրա երէկ Ժընեւէն յայտարարեց, որ Սուրիոյ տագնապին գծով խաղաղութեան վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ նոյեմբերին:








All the contents on this site are copyrighted ©.